փախուստ | քրիսթին ադամեան
Լուսին, գինիի գաւաթ մը ձեռքին բռնած, պատուհանին առջեւը կը կենայ: Երեսը կը
փայլի լուսնին տակ: Թուլիփը՝ իր փիսիկը, կը մօտենայ ու կը պլլուի Լուսինին ոտքերուն
այնպէս մը, որ ամբողջ գինին գետնին կը թափի: Առանց գինին մաքրելու, գաւաթ մը եւս
կը լեցնէ:
Ժամը 2.48-ն է եւ Լուսին դեռ արթուն կը խմէ: Կ’որոշէ Ֆրէնք Սինաթրայէն իր սիրած
երգը դնել ու Թուլիփը գրկելով կը սկսի երգել ու պարել: Երկու վայրկեան յետոյ դրան
զանգակը կը լսէ: Գիտէ որ տանտիրուհին պիտի ըլլայ: Երաժշտութիւնը կը գոցէ, կը մօտենայ
դրան, կարճ շունչ մը առնելէն ետք դուռը կը բանայ: Տիկին Գեղանուշ, բիժամա հագած,
խառն մազերով եւ հեռաձայնը ձեռքին, կը պոռայ. «ԵԹԷ ՆՈՐԷՆ ԱՅՍ ԹԱՇԽԱԼԱՆ ԼՍԵՄ,
ԳԻՏՆԱՍ՝ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ՎՌՆՏԵՄ ՏՈՒՆԷՆ. ԿԸ ՓՈՐՁԵՆՔ ԿՈՐ ՔՆԱՆԱԼ»:
Լուսին անտարբեր կը նայի անոր եւ գինիէ կարմրած շրթունքները կամաց կամաց
կը շարժէ ու կ’ըսէ՝ «Հո՜գս»: Դուռը երեսին կը գոցէ: Դուրսէն կը լսուին տանտիրուհիին
հայհոյանքները: Պալքոն կ’ելլէ, սիկառէթ մը կը վառէ ու ծխելով լռութեան մէջ կը կորսուի:
«Պիտի երթամ, կ’ըսէ, պիտի երթամ՝ մինակս ըլլամ...»
Ժամերը կ’անցնին, արեւը եւ Լուսինը միասին պալքոնին են: Մէկը պէտք է մեկնի: Լուսինը կ’ելլէ աթոռէն, ներս կը մտնէ, դուռը կը բանայ, կ’ելլէ տունէն:
***
Լուսին շուրջը կը նայի որ ամէն բան տարբեր է: Պատուհանը կը բանայ ու մաքուր
օդը երեսին կը զգայ: Կը ժպտի ու շունչ կ’առնէ: Ծաղիկներու հոտը քիթին կու գայ:
Ինքնաշարժերու եւ ջղային մարդոց նեղացուցիչ ձայները այլեւս չկան: Կը տեսնէ միայն
կապոյտ, կարմիր, դեղին, կանաչ,
կարմիր, դեղին, կանաչ, կապոյտ,
կանաչ, կապոյտ, կարմիր, դեղին:
Այլեւս սեւ չկայ,
մոխրագոյն չկայ,
ամէն ինչ՝ գոյնզգոյն, լուռ:
Քաղաքէն դուրս գնաց, քաքէն գնաց, Քաքէն Քաղաքէն գնաց: Պզտիկ սենեակի մը
մէջ մինակը կը նստի՝ հանգիստ, առանձին, բայց ուրախ:
Քրիսթին Ադամեան
-Աթէնք
Comments
Post a Comment