Կաթկթած գոյներ | Ալիսիա Իշխանեան

Հալածող կապոյտը,
Պատերուն փսփսուքը,
Հովին շշուկը վարագոյրի ճեղքերէն,
Կաթիլներուն բախումը միակ գաւաթին:
Մէկ անձին աղմուկը:
Հալածող մոխրագոյնը,
Անկողնին պաղ կողմը,
Սրճեփին ձայնաւոր մշուշը,
Երազներուն հոսանքը դէպի կոյուղին:
Մէկ անձին պայքարը:
Հալածող դեղինը,
Գիրքի էջերու մաշկը միայն:
Մէկ անձին ուրախութիւնը:
Հալածող սեւը,
Ոտնահետքերը ճերմակ գորգին,
Կարմիր, կարմիր հագուստը կախուած պահարանէն,
Պարապութիւն մը:
Մէկ անձին մենութիւնը:
Ալիսիա Իշխանեան
-Պէյրութ
Comments
Post a Comment