ՀՐԱՆԴ 1 | ՍԵՊՈՒՀ ՕՇԱԿԱՆ


cartoon man norig 3d model obj fbx ma mb mtl 12


Հրանդ ամէն օր կ՚արթննայ առտուան 4:47-ին: Գաւաթ մը սուրճ կը պատրաստէ 4:48-ին: Ասկէ ետք ինքզինքին մտածելու ժամանակ կը տրամադրէ: Ընդհանրապէս կը մտածէ իր նախկին ընկէրուհիին՝ Թէմիին մասին: Այսօր ալ իր մտքերը Թէմիով գրաւուած են: Կ՚որոշէ հեռաձայնել Թէմիին եւ հարցնել թէ կ՚ուզէ՞ր միասին ճաշէին 1:07-ին: Թէմին ուրախ չէ որ առտուան հինգ ու կէսին հեռաձայնի կը պատասխանէ, բայց կը համաձայնի հանդիպիլ հանրապարտէզը:

Այլեւս ուրախ՝ Հրանդ կը նստի cartoon դիտելու. թերս տրամադրութիւնով ջղային շունը կատուի մը ետեւէն կը վազէ: Շունը վերջապէս կը բռնէ կատուն՝ հսկայ մուրճի մը տակ: Հրանդ ուրախ է: 10:37-ին կը յիշէ որ առտուան սուրճ ունի:

Կը հանդիպի Թէմիին իր տան մօտի հանրապարտէզին մէջ: Սանտուիչ կ՚ուտեն եւ ամպերը կը դիտեն: Թէմի կը բացատրէ Հրանդին որ ան այլեւս չի կրնար իրեն երկու օրը մէյ մը այնչափ կանուխ հեռաձայնել: Հրանդին միտքը ուրիշ տեղ, դեռ ուրախ:

Կը յիշէ իր գիշերուան երազը. ծովափիղ մը ջուրը ցատկած ատենը իր վրան կը յարձակի ու գնդակը կը գողնայ,: Հրանդ քիչ մը կը տխրի, նորէն Թէմիին աչքերուն կը նայի: Կը կարծէ թէ տակաւին կ՚երազէ կոր: Կը տեսնէ որ Թէմիին դէմքը քիչ քիչ կը տխրի:


Սեպուհ Օշական
(Լոս Անճէլըս)

Comments