Փախչիլ | Ասատուր Պասմաճեան



Փախչիլ բայց ինչպէ՞ս: Փախչիլ պատուհանէն, դռնէն,
չարէն, դժուարէն, սրտէն, մտքէն, հոգիէն, մարդէն: Փախչիլ ամէն
ինչէն որ կը յուզէ, կը չարչարէ, կը կորսնցնէ, կը յիշեցնէ, կը
տապալէ մարդուն ինքնութիւնն ու սիրտը: Դժուա՞ր է թէ դիւրի՞ն:
Իյնալ, մոռնալ, տանիլ, կորսուիլ բայց չյանգիլ նոյնին: Կամք,
միտք, հոգի, սիրտ, զօրութիւն, ճշմարտութիւն: Պէտք է զգալ,
գիտնալ, զգալ, գիտնալ, դէպի ճամբայ, դէպի ճամբայ: Փախչիլ,
փախչիլ, փախչիլ, փախչիլ, փախչիլ:

Ասատուր Պասմաճեան
-Պէյրութ


Comments

Popular Posts