ԱշՂաֆիէ - Մաս 1 | Ասատուր Պասմաճեան


ԱշՂաֆիէ -  Մաս 1


Սուրսոք վիլլայի թաղէն ելլելէս վէրջ, Cinema Empire-ը կ'անցնիմ, կը հասնիմ Աշրաֆիէի նշանաւոր Շարլ Մալէք պողոտան, ուր կը գտնուին «Իվան Թիւֆէնքճեան» եւ «Եսայեան» հայկական ոսկերչատուները, ինչպէս նաեւ «Մաքթապի» պարսկական գորգավաճառ ընտանիքի երեք եղբայրներուն տարբեր խանութները (showroom): Ապա կը շարունակեմ շիտակ ու կը հասնիմ ժամացոյցով կամուրջի մը, որուն ձախ կողմը կը գտնուի Սաժէս (Sagesse) դպրոցը: Կամուրջին հասնելուս պէս կը դառնամ աջ եւ զառիվերէն կ’ելլեմ դէպի «Սէսին» հրապարակը տանող ճամբան: Աջիս կայ «Սփինիզ» (Spinneys) սուփըրմարքէթը, ճիշդ քովը՝ արաբներուն շատ գեղեցիկ գերեզմանատունը, ուր «Ալ Նահար» օրաթերթի նախկին տնօրէն եւ քաղաքագէտ Ժըպրան Թուէյնիի ընտանեկան դամբարանը կը գտնուի: Նշեմ որ Ժըպրան Թուէյնին սպաննուեցաւ 12 Դեկտեմբեր 2005-ին , Մքալլէս շրջանին մէջ, նոյն տարին, երբ Լիբանանի մէջ շարք մը այլ քաղաքագէտներ ալ սպաննուեցանամենէն ցնցողը նախկին վարչապէտ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնն էր: Ճամբաս կը շարունակեմ, կը հասնիմ երկար կամուրջի մը, որուն տակ «street artist» Եազան Հալաուանիի շատ գեղեցիկ արաբերէն տառերով գծուած աշխատանքները կը դիտեմ: Յետոյ, վեր ելլելով, աջիս կը գտնեմ Աշրաֆիէի ամենաշատ այցելուած «shopping mall»-երէն ABC Achrafieh-ն: Հոնկէ ձախ կը դառնամ եւ ահա Պէյրութի ամենանշանաւոր հրապարակներէն «Սէսին» հրապարակին վրայ կ'երեւի Լիբանանի հսկայ դրօշակը: Այս հրապարակը լիբանանեան նշանաւոր ընտանիքի մը անունով կոչուած է: Շրջապատուած է շուկաներով եւ ճաշարաններով: Կ’արժէ ըսել որ Աշրաֆիէցինները շատ իւրայատուկ մարդիկ են: Խօսքս Պէյրութի պուրժուա ընտանիքներուն  եւ անոնց դասակարգի մարդոց մասին է: Ա՜խ սա մարդիկը, ա՜խ: Կիները՝ մազերնին միշտ շինուած, ամենածերէն ամենաերիտասարդը: Տղամարդիկը՝ մէկ ձեռքին սիկար, միւս ձեռքին 3 հատ ամենանոր Iphone-ներէն եւ հաստ դրամապանակ: Այս մարդոց մայր լեզուն,  կրնամ ըսել, աւելի ֆրանսերէնն է, քան արաբերէնը: Տուներուն մէջ եւ մանաւանդ տուներէն դուրս ֆրանսերէն կը խօսին: Նիւթերնին ճամբորդութիւններն են կամ –կանանց պարագային- սուղ պայուսակներն ու հագուստները: Իրենց համար պրէնտները (brands)  ամենակարեւոր բաներն են, որ մարդ արարածը պէտք է մտածէ․ Իւ Սէն Լօրան, Կուչի, Արմանի... Haute Couture-ներէն՝ Էլի Սաապ, Զուհայր Մուրատ, Մէզոն Վալէնթինօ...: Միւս կողմէն կը տեսնես Աշրաֆիէիի միջին եւ գրեթէ աղքատ դասակարգի մարդիկը, որոնք ճակտի քրտինքով կ’աշխատին, որպէսզի երբ գիշերը տուն վերադառնան, զաւակներնուն կտոր մը հաց եւ քիչ մըն ալ պանիր բերեն: Հոն մէյ մը կը կենամ, իրզինքիս հարց կու տամ թէ որքա՜ն անարդար է այս աշխարհը ու ճամբաս կը շարունակեմ:   


Ասատուր Պասմաճեան
Պէյրութ- Լիբանան



Comments

Popular Posts