ՊԱՏՈՒՀԱՆ | ԱՅԳ ՅՈՅՍ ԿԷԶԷՐ











Նայեցայ աշխարհէն դուրս
Տեսայ որ կը սպասէր ինծի
Երթալը փորձեցի 
Չկրցայ երթալ

Նայեցայ ծովէն վար
Կային ձուկէր
Կը լողային կը վազէին ծովուն մէջ
Կարծես թէ կ'աճապարէին

Եւ նայեցայ պատուհանէն դուրս
Վերջին անգամ
Կը խաղային երախաներ
Եւ դառնալով 
Ժպտուն երեսներով նայեցան ինծի

Ըսելիք բան մը չունէի իրենց


Այգ Յոյս Կէզէր
(Պոլիս)

Comments

Popular Posts