ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ | ՇԱՀԷՆ ԱՐԱՊՕՂԼԵԱՆ


Վերջին համբոյրին մէջ աղի համ մը կար: Կարծեմ աղի հեղուկէ մը, կամ աղի ցտեսութենէն, կամ աղի զգացումներէն: Թերեւս դիտմամբ շատ աղի է՝ փոխարինելու ապագայ օրերու անլի վիճակը: Անլի վիճակ մը՝ լեցուն դատարկութեամբ, ոչնչութեամբ եւ աղի հեղուկով:

Չեմ գիտեր:

Օդը պաղ է: Շատ պաղ: Կը կարծէի ամառ է: Բայց ամառ է: Բայց պաղ: Ներքնապէս պաղ, արտաքնապէս քնատ: Բեւեռները մէջս են, բայց ես՝ Միջին Արեւելքին մէջ: Պաղը մէջս է, ես՝ տաքին մէջ:

Անլի եմ: Պաղ եմ: Մինակ եմ:


Ցտեսութիւն:


Շահէն Արապօղլեան

(Լիբանան)

Comments

Popular Posts