ՆՈՅ | ԱԼԻՍԻԱ ԻՇԽԱՆԵԱՆ
Կը փորձէ քալել այնպէս,
կարծես կը քալէ նշանաւոր կարմիր գորգերուն վրայէն:
Մէկը չի դիտեր զինք:
Ականջին ունի երաժշտութիւն,
բայց քիչ ետքը պիտի մարէ: Չ'ուզեր խորունկ երեւիլ:
Երբ փոքր էր, մաման ըսած
էր թէ ինք անձնասէր տղայ մըն է: Բայց ինչպէ՞ս կրնար անձնասէր ըլլալ, երբ Նոյ մուրացկանի
մը դրամ տուաւ հինգ վայրկեան առաջ: Արդեօք այդպէս ըրաւ միայն որպէսզի մօրը սխա՞լը փաստէ:
Արդէն այդ դրամը գէտնէն գտած էր:
Ինչ է նէ:
Դժուար է կեդրոնանալ այս
մտածումներուն վրայ, երբ Նոյ կը փորձէ քալել այնպէս, կարծես երեք գիրք կը կրէ գլխուն
վրայ: Շարունակելով այսպէս ու հասնելով տուն, ան պիտի ելլէ պատշգամ ու կանգնի տիեզերքի
լռութեան առջեւ:
Նոյ պիտի ընկճուի վախկոտ
կրեայի մը պէս ու աղօթէ: Պիտի աղօթէ մուրացկանին: Փոքրիկ աղջկան որ պաղպաղակ կը գնէր:
Քրտնած մարզիկին որ կայծակի պէս քովէն անցաւ: Պիտի աղօթէ ծաղիկին որ կը թոռմէր, ծովուն
որ աղտոտ էր: Պիտի աղօթէ մօրը, եւ հոս աչքերը քիչ մը պիտի ջրոտին:
Յաջորդ օր երբ Նոյին մայրը
տունէն պիտի ճամբէ զինք «կը սիրեմ քեզի» մը ըսելով, ան պիտի չկարենայ պատասխանել եւ
տունէն ելլէ նոր պատեան մը վրան առած:
Նոյ սիրել չի գիտեր, միայն
գիտէ լալ: Կու լայ նոյնիսկ երբ կը կարծէ որ սիրահարած է: Բայց երբէք չէ սիրահարած:
Կը մտածէ թէ արդեօք հոգեբոյժի
մը պէտք ունի՞: Կրնայ ըլլալ բոլոր մտահոգութիւնները կախարդութեան պէս անհետանան: Բայց
ի՞նչ մտահոգութիւն:
Եթէ ուշի ուշով մտածէ իր
կեանքին մասին, պիտի չըսէ՝ օհ, աշխարհիս վերջն է: Իրականութեան մէջ, եթէ ուշի ուշով
մտածէ իր կեանքին մասին՝ ոչ մէկ մտահոգութիւն ունի: Միայն շուարած է ու սիրտը կը թափառի:
Կը մնայ անհանդարտ: Օրը յիսուն անգամ տրամադրութիւնը կ'ելլէ-կ'իջնէ:
Իսկ եթէ աւելի՛ ուշի ուշով
մտածէ, մտահոգութիւն չունենալէն աւելի պիտի վախնայ այն համոզումէն թէ կարող չէ բան
մը տալու աշխարհին: Բան մը խորքէն, ստեղծագործութենէն, կտոր մը հոգիէն, սիրտէն կամ
միտքէն:
Նոյ եթէ ուշի ուշով մտածէ
իր կեանքին մասին, մտահոգութիւն չունենալէն աւելի պիտի վախնայ այն իրողութենէն որ ինք
մտահոգութիւն չունի:
-շարունակելի-
Ալիսիա Իշխանեան
(Պէյրութ)
Comments
Post a Comment