ՊԱՐԱՊՈՒԹԻՒՆ I Գիրգոր Տապանեան


















Ճամբադ քեզ կը սպասէ:
Արդէն կը հեռանաս հանդարտօրէն
դէպի տեղեր որոնց կը պատկանիս:
Ու նոյն ճամբով ամէն գացողները կը մեկնին:
Ու կը մոռցուին այն պարզ խօսքերը:

Գիտես. չ'արժեր:
Եթէ գիտնայիր ետ չէիր նայեր:

Իսկ.
Կարելի է որ նոյն ճամաբաները թափառած ենք:
Կարելի է որ նոյն դէմքերը տեսած ենք:
Կարելի է նոյն կայարանը տարբեր կառքեր սպասած ենք:

Ու ես.
Տնկած աչքերս պարապութեան, մինակ ... օտար:
Կարելի է դպած են մեր նայուածքները բախտի բերումով
Ու բարեբախտաբար յիշեր եմ այդ դպումը
ձմեռնային առտու մը՝
Պոսֆօրի վրայ՝
նաւով Գատըգիւղ անցած ատենս:
Նաեւ կարելի է այն լեղի թէյին մէջ զգացած եմ օտարութիւնը:

Մի կարծեր որ կը սպասեմ քեզ.
Միայն յուշերս,
Սուս-փուս ետ կ՛իյնամ պարապութեան,
Մինչեւ որ մոռնամ քու դէմքդ ու մնայ այն ցաւը:        


Գիրգոր Տապանեան

(Պոլիս)

Comments

Popular Posts