յիշողութեան վարժութիւն | ազատ էօրտեքեան
գծանկարը՝ հեղինակի
պզտիկ չեմ եղած եղած եմ փոքր բայց պզտիկ չեմ եղած միշտ եղած եմ տարածուած
սենեակէն մինչեւ դպրոցը մինչեւ արեւը ուր կ՚այրէի կ՚այրէի անընդհատ եւ մայրս կը փորձէր իր կաթով կեցնել հրդեհը իմ մատներուս եւ կը թափէր ու կը թափէր իր կաթը այդպէս է որ մայրս չորցաւ ու վերածուեցաւ սեւ ու կնճռոտ կապիկի մը
բայց ես պզտիկ չեմ եղած բնաւ ոչ ալ սահմանափակուած միշտ ամէն տեղ եղած եմ ամէն
մարդ զիս կը շնչէր առանց գանգատելու սիրուած էի ամէնքը զիս կը սիրէին
հայրս իր քամերայով նկարեց մօրս առաջին բառերը բառեր չէին իրականութեան մէջ
սեղանների կը նմանէին եւ այդ սեղաններուն պատճառաւ տուն փոխեցինք մեր տունը լեցուն էր սեղաններով փոխադրուեցանք փողոցէն վեր տուն մը հոն սեղան չկար հայրս քամերան դրած էր տուփի մը մէջ օր մը իջայ մեր հին տունը եւ սեղանի մը վրայ ելայ կը տեսնէի մայրս որ կը լռէր բայց հիմա կը լռէր փողոցին վերը
օր մը գուլպաներ կարկտնելով պզտիկ քոյր մը շինեցի քոյրս ցոյց տուի իմ մօրս մայրս
քոյրս դրաւ իր բերնին մէջ ու լացաւ լացաւ երկար տարիներով հասկցայ որ մայրս ինծի կը
սիրէր որովհետեւ ես միսով շինուած էի եւ հպարտացայ քոյրս դրի աստիճաններուն վրայ զինք
կը սիրեմ անունը դրած եմ «արդեօք»
այդպէս է որ գիտցայ թէ մէկը կաւի կտոր մը նուիրեր էր հօրս երբ մայրս մեռաւ չգիտցայ
ինչ ըրաւ հայրս այդ կաւով գիտեմ կը տխրէր հիմա պէտք է չորցած ըլլայ այդ կաւը կը տխրէր
որ այդպիսի նուէր մը ստացած էր կը նշանակէր որ այլեւս պիտի չկարենար լալ հայրս շատ կը
սիրէր լալ մայրս չմեռած արդէն կու լար երբ ես ծնայ լացաւ լման գիշեր մը առտուն խածաւ
խոհանոցին կաւէ սեղանն ու աթոռները ու երբ փսխեց դէպի երկինք իր փսխած կաւը լոյսի
վերածուեցաւ հիմա հայրս տխուր է եւ մօրս փէշերը կը պարեն գրասենեակին լողաւազանին մէջ այդպէս է որ գիտցայ
ամառը մայրս ոտքերուն մազերով կը լեցնէր լողաւազանը ու կը պոռար «ՉՕՓ ՉՕՓ» ու ես
կը սոսկայի որովհետեւ մօրս ոտքերը չէի տեսած երբեք բայց ինք կը շարունակէր պոռալ «ՉՕՓ
ՉՕՓ» գլխարկս կը հանէի ու կը մտնէի մազերուն մէջ ու մայրս կը խնդար ու կը խնդար ու ես
ալ կը խնդայի ու կ՚ընկղմէի ու կը խնդայի մայրս գանգուր մազեր ունէր կ՚ընկղմէի
օր մը եղբայրս գնաց դպրոց ու հոն իրեն ըսին որ իր տունը կ՚այրէր մեր տունը կ՚այրէր
ետ եկաւ որովհետեւ իր տետրակը տունը մոռցեր էր բայց տետրակն էր որ կրակը սկսեր էր
ուրեմն ետ դպրոց գնաց ու լռեց իրիկունը թաց հաց կերանք թաց ձեռքերով ես թաց հացը չեմ
սիրեր բայց մեր տունը այրած էր ուրեմն թաց հացս կերայ լալով մեր տունը այրած էր
կը յիշեմ երբ մայրս առաջին անգամ մեզի ոսպ տուաւ ընթրիքին ամէնքս երգեցինք ոսպին
վնասները ու մայրս ջղային կերաւ բոլոր ոսպերը կարծեմ քիչ մը կը զղջայինք
մեծ մայրս սորվեցուց ինծի մետաղ եփել մետաղ եփելը դիւրին է
սկսայ կեանքս պատմել երբ երեք տարեկան եղայ այդպէս հասայ վեց տարեկանիս այն
ատեն սկսայ կեանքս պատմել տեւեց մինչեւ տասներկու տարեկանս կեանքս միշտ այդպէս պիտի շարունակուի
առաջին տարեդարձիս համար ինքզինքիս շինեցի հագուստ մը իմ մաշկովս տարեդարձէս
ի վեր չեմ հանած հագուստը որ ինքզինքիս շինած էի իմ մաշկովս տարեդարձիս համար
մեծ հայրիկս մեզի տարաւ լողաւազան որ պաղինք երեք օր անընդհատ կ՚եռայինք մեր
գաւաթներուն ջուրերը կ՚եռային մեր լոգանքներուն ջուրերը կ՚եռային մեր աչքերը կ՚եռային բայց երբ լողաւազանը տեսանք ամչցանք ու անմիջապէս պաղեցանք նոյնիսկ սառեցանք այնպէս որ
մեծ հայրիկս չէր կրնար մեզի շալկել մինչեւ տուն ու մեզի լողաւազանին մէջ հրեց եւ լողաւազանին պաղ ջուրին մէջ իր հսկայ ոտքերը դրաւ կարծեմ իր կեանքին ամենէն ուրախ օրն էր
շատ ուրախացայ երբ գիտցայ թէ աշխարհին բոլոր գիրքերուն մէջ նկարս կար, կրկին
շնորհակալութիւն կ՚ուզէի յայտնել
Ազատ Էօրտեքեան
-Մարսէյլ
Comments
Post a Comment