Հանդիպում | Անի Տէյիրմէնդաշ
Եթէ տեղ մը հրաւիրուած ենք, պապաս միշտ կը սիրէ շատ կանուխէն հոն ըլլալ։
– Մարկ, դուն մեզի հետ չես այս գիշեր, հոն երիտասարդներուն հետ պիտի նստիս։
Զիս սրահին միւս կողմը կը ղրկէ, դէպի պարապ սեղանը։ Կը բարկանամ, բայց գիտեմ որ ի զուր։
Միշտ ասանկ կ՚ըլլայ։ Միշտ կ՚ուզեն որ աւելի շատ հայ ընկերներ ունենամ։ Բայց Վանքուվըրին մէջ տարիքիս մօտ միայն ութը հայ երիտասարդ կայ, գրեթէ եօթը տարիէ ի վեր բոլորն ալ կը ճանչնամ եւ ոչ մէկուն հետ ընկեր ըլլալ կ՚ուզեմ։
Վեց ու կէս ֆէյսպուքի վիտեօ դիտելէն ետք բոլոր գիտցած դէմքերս սեղանին շուրջը նստած են՝ Լուսի, Ճոն, Կարպիս, Դաւիթ, Սիրան, Արամ, ես եւ ճիշդ առջեւս՝ պարապ աթոռ մը։ Հեռաձայնս կ՚առնեմ եւ Ճոնին կը դառնամ։
– Կը կարծեա ո՞վ այս աթոռին պիտի նստի՝ Անահի՞տը թէ Սիլվան։
– Ես կ՚ըսեմ Սիլվա։
– Գրաւի գա՞նք։
– Տասը տոլա՞ր։
– Հայտէ՛ քսան ընենք։
– Օքէյ, քսան ըլլայ։
Հանդարտ կը սպասենք։ Անահիտը միշտ ուշ կու գայ, ատոր համար վստահ եմ որ ես շահած
եմ։ Բայց շուտով Մասիսը կու գայ դէպի մեր սեղանը, բարձրահասակ աղջկայ մը հետ։ Սկիզբը
հայերէն բաներ մը կ՚ըսեն յետոյ վերջապէս անգլերէնի կը դառնան։
– Այս մէկը՝ Ճոնն է, եւ միւսը՝ Մարկը, միւսները արդէն կը ճանչնաս, կ՚ըսէ Մասիս։
– Ուրախ եմ, ես Արաքսին եմ. քովի կը դառնայ, Բարեւ Լուսին, ինչպէ՞ս…
Աաահ, Արաքսին ո՞վ է, եա։ Այդ տեղը Անահիտը պիտի ըլլար եւ ես քսան տոլար պիտի շահէի։ Շի՛թ։ Կարելի՞ է ինձմէ աւելի պոյով ըլլայ։ Ես որ ամենէն պոյով հայն եմ, հիմա աղջի՞կ մը ինձմէ աւելի պոյով պիտի ըլլայ։ Օօֆ, այսօր իմ օրս չէ։ Ե՞րբ պիտի լմննայ։
Գլուխս սեղանին կը դնեմ, եւ հեռաձայնս կը բանամ ծունկերուս վրայ ։
Մամ, կրնա՞նք վերադառնալ
Ծօ, դեռ մէկ ժամ չեղաւ։
Հեռաձայնդ ձգէ՛ եւ ընկերներուդ հետ խօսէ՛։
Նեղութենէս հեռաձայնը սեղանին կը նետեմ։ Ճիշդ այդ ատեն Արաքսի խնդալով բերնէն խմիչք կը ցայտեցնէ։
– Օօօ, Ճոն, չէի գիտեր որ ատանկ բաներ կը սիրես, կ՚ըսէ ու կը թարթէ։
– Ո՛չ, ատանկ չէ, Արաքսի, ի՞նչ կ՚ըսես կոր։
Ճոն լաւ մը կարմրած է։
– Եութիւպին վրայ նոր բան մը տեսայ՝ աշխարհին ամենէն տարօրինակ ֆեթիշը ի՞նչ է, գիտե՞ս։
Ամա՛ն Աստուած, առաջին բանը որ ըսի այս աղջկան, ասի՞ էր։ Խենթ եմ։ Ֆա՛ք։
– Ո՛չ, ի՞նչ է։
Ինծի՞ էր այս պատասխանը։ Իսկապէս այս նիւթով հետաքրքրուա՞ծ է։ Տէ՛մ։
– Մարդիկ կան որ AIDS-ի հիւանդութեան ֆեթիշ ունին, կ՚ըսեմ։
Վերջ։ Այլեւս ինծի պիտի չխօսի։ Շի՛թ։
– Eww, Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ ատանկ բան. մեծ սրճագոյն աչքերով ինծի կը ժպտի։
Oh my God
– Ա՛յ, պիտի փսխեմ։ Ինչո՞ւ ասանկ բաներուն մասին կը խօսիք։ Կը ճաշենք կոր, եա՛։
Երկուքս ալ մոռցած ենք որ Լուսինն ալ մտիկ կ՚ընէ։ Այս անգամ Արաքսին է որ կը կարմրի։
Նիւթը կը փոխուի եւ նորէն կը նեղուիմ, բայց այս անգամ տուն դառնալ չեմ փափաքիր։ Ձեւ
մը պէտք է գտնեմ այս աղջիկը աւելի լաւ ճանչնալու։ Սեղանին շուրջը հազար պարապ բան կը
խօսուի, բայց միտքս ուրիշ տեղ մըն է։ Եթէ հիմա բան մը չըսեմ ո՞վ գիտէ նորէն երբ պիտի
տեսնուինք։
– Արաքսի՛, ֆեյսպուք ունի՞ս։ Քեզի այդ վիտեօն յետոյ կը ղրկեմ։
– Այո՛ անշուշտ, հեռաձայնդ տուր, մէյ մը ինքզինքս ֆրենտ ընեմ։
Բան մը ըսի, բայց չի բաւեր։
Բարձրահասակ կին մը Արաքսիին ետեւէն կու գայ։ Երեսէն յայտնի է որ ընտանեկան կապ մը ունին։
– Ճանըմ, երթա՞նք։ Առտուն շատ կանուխէն գործի պէտք է երթամ։
– Օքէյ մամ, կու գամ կոր։
Շի՛թ, շիթ, շիթ։ Տեղէն կ՚ելլայ կոր։
– Ատեն ունիս նէ, մէյ մը սուրճ մը կամ բան մը առնենք գալ շաբաթ։
Ինքզինքիս չեմ հաւատար։ Ասի բարձրաձա՞յն ըսի։
Չէի կարծեր որ կարելի էր բայց Արաքսիին աչքերը ալ աւելի կը մեծնան։ Շունչը կը բռնէ, ինծի կը նայի, յետոյ ձախ կը դառնայ։ Մայրիկը միայն մէկ քայլ հեռացած է։
Oh God, այս գիշերը ե՞րբ պիտի լմննայ։
Արաքսին խնդալու կը սկսի։
– Այո, բան մը կը մտածենք։
Պայուսակը կ՚առնէ ու կը հեռանայ։
Օրէնքը ի՞նչ է։ Որքա՞ն սպասեմ իրեն մէսսաժ ղրկելու համար։
Անի Տէյիրմէնդաշ
-Վանքուվեր
-Վանքուվեր
Comments
Post a Comment