(Ան)Հարազատ | Նարօտ Տապանեան



     Երեք ժամուան քունէս ապուշի պէս արթնցայ, քովինիս ահազանգովը: Կ’ուզեմ միւս կողքիս
դառնալ եւ քունս շարունակել, բայց ատիկա երէկ ըրի ու հիմա ստիպուած եմ անկողինէն ելլելու:
     Կ’ուղղուիմ դէպի բաղնիք ու ետքը սենեակ կը վերադառնամ. պէտք է որոշեմ թէ այսօր ի՞նչ հագուիմ:
     Ճիշդ որոշում առնելը միշտ չարչարանք է: Ու չեմ ալ ուզեր սապէս տափակ բաներուն համար ժամանակ կորսնցնել, բայց չեմ կրնար կոր յաղթահարել այդ պզտիկ թուլութիւնս ու պատրաստ եմ միայն մէկ ժամ վերջը: Սենեկակիցս զիս կը կանչէ ու կը հեռանայ. հինգ վարկեանէ ի վեր արթուն է ու պայուսակը շալկած ինծի սպասելէն յոգնած է: Կը վազեմ ետեւէն, ձեռքերուս մէջ հազար բան բռնած: Կը հասնինք ճաշարան: Պոչը բաւական երկար է, շատեր կը շարունակեն ոտքի վրան քնանալ: Մազերէս դեռ ջուր կը կաթի. բաւական արթուն եմ: Ամբողջ ուշադրութիւնս կը թաղեմ Ֆէյսպուքին մէջ, որպէսզի նայուածքս ուրիշ աչքերու չհանդիպի ու մէկու մը հետ հաղորդակցելու պէտք չունենամ:
     Հանրակառքին մէջ թոռնիկներէն խօսող թանթիկները կը յիշեմ: Երբեք իրենց յուզումը չեմ
ունեցած, ոչ ալ կ’ուզեմ ունենալ: Ոչ թէ չեմ սիրեր անոնք, այլ իսկապէս շատ կը խօսին ու նոյնիսկ եթէ մտիկ չընես՝ կը պատմեն: Դուն ալ կ’ուզես ունենալ թանթիկ մը, բայց չունիս: Կը շարունակես կեանքդ առանց թանթիկի:
     Այս մտածումներովս պնակին վրայ կը շարեմ լոլիկը, վարունգը, պանիրն ու հաւկիթը և կը
հետեւիմ սենեկակցիս, որպէսզի տեղ փնտռելու համար ատեն չկորսնցնեմ: Յետոյ լրջութեամբ մը մէյլերս կը բանամ: Առաջին երկու դասերը ջնջուած են: Ընկերս իր նախաճաշը կը լմնցնէ ու գլխուս վրան կը տնկուի: Կ’ըսեմ՝ դաս չունիմ: Անտարբեր կը հեռանայ: Կը նեղուիմ: Առանց ինչ ընելս գիտնալու, կ’ուղղուիմ դէպի գրադարան:
     Պարապութիւն մը կը զգամ ներսս, քանի չեմ գիտեր ի՞նչ պիտի կարդամ: Կ’որոշեմ սկսիլ
Մատամ Պովարիէն, որուն մասին բաւական լսած եմ: Երկու ժամ կ’անցնեմ Ինսթակրամին մէջ:
     Մատամ Պովարին դեռ չեմ սկսած: Երկու ժամը կը լրանայ ու նեղուելու կը սկսիմ, քանի կարդալու աւելորդ ժամ մը չունիմ:
     Յաջորդ դասը միւս քամբիւսն է: Չեմ ուզեր քալել ու հանրակառք կ’առնեմ: Երկու հոգի առջեւս նստած են, մէկը՝ անցեալ տարի բանտարկուած ուսուցիչներէն: Մեծ յուզումով կը խօսին քուանտային ֆիզիքի և հոգեբանութեան մասին: Քովէն մտիկ կ’ընեմ, հաճոյք առնելով այդ խօսակցութենէն:
     Կը հասնիմ միւս քամբիւս ու դասարանս կ’երթամ: Պարտականութիւնս չեմ ըրած, բայց ինչ
ըլլալէն լուր ունիմ: Փրոմէթէուսը աստուածներէն գիտութեան կրակը կը գողնայ ու կը տանի մարդ արարածին: Մարդիկ այս դէպքը կը հաւասարեցնեն մարդ արարածին՝ քալել ու ցորեն ցանել սկսելուն, նոյնիսկ եկեղեցական խիստ կանոններու դէմ վերածնունդի առաջին դրսեւորումներուն:
     Ու քաղաքականութեամբ պէտք եղածէն աւելի հետաքրքրուող աղջիկը կ’ատեմ, որ նիւթը
միշտ Էրտողանին իշխանութեան կը քաշէ: Հարցը այն չէ, թէ իրեն հետ երբեք չեմ համաձայնիր,
պարզապէս կը բաւէ՛ ալ: Կը նախընտրեմ լռել երբ ան կը խօսի, շատ լաւ գիտեմ որ երբ ատենը գայ, գաղտնի ոստիկանները զինք չէ որ պիտի բռնեն, այլ իր շուրջինները: Իրականութեան մէջ կ’ուզեմ հետը ընկերանալ, քանի գիտեմ՝ մինակ է: Մինակ ըլլալուն պատճառաւ՝ տխուր, տխուր ըլլալուն պատճառաւ՝ ջղային, ջղային ըլլալուն պատճառաւ՝ օրէ օր աւելի վտանգաւոր: Կը նախընտրեմ լուռ մնալ: Ոչ ալ կարծիք ունիմ: Եթէ խօսիմ, ըսածս թութակի կրկնութիւն պիտի ըլլայ, անոր համար կը լռեմ. գիտեմ, պէտքը չկայ: Ես Փրոմէթէուս չեմ:

Նարօտ Տապանեան
-Պոլիս

Գծանկարը՝ Ազատ Էօրտեքեանի


Comments

Popular Posts