Ալիքը | Շահէն Արապօղլեան

գծանկարը՝ Ազատ Էօրտեքեանի



ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ\\ Լսէ, կարեւոր է ըսելիքս: Պիտի պատմեմ քեզի աղջկան մը մասին, որու անունն իսկ չեմ գիտեր: Անունը դրած եմ Ալիք քանի որ գիտեմ, թէ Ալիք ծովէն կը վախնայ: Ալիքները զինք կը վախցնեն:
     Թաղեցիները անունը իչքիճի աղջիկ դրած են, որովհետեւ գինիի շիշով մը տուն կը վերադառնար ամէն գիշեր: Իսկապէս գինին շատ կը սիրէր եւ դրացիներն ու լեարդը հոգը չէին: Ակռաները կը դեղնէին օրէ օր, հեռուէն կը տեսնեմ, բայց եթէ ակռաներդ դեղին չեն, իսկապէս Մոնմարթր կ’ապրի՞ս:
     Ալիքին հետ բնաւ չեմ խօսած ու չեմ ալ իսկ խօսիր: Ես Ալիքէն կը վախնամ ինչպէս Ալիքը կը
վախնայ ալիքներէն: Ալիքը պէտք ունի մէկու մը, որ գայ եւ դուրս քաշէ զինք իր տխրութեան
աւազանէն:
     Ալիքը պեխ չուներ որ սիկարէթ ծխելէն դեղնէր: Բայց չշուարիս, սիկարէթէն չէին դեղնած գլխուն մազերը, այլ պոյֆրէնտը երկու շաբաթը անգամ կու գայ ներկելու զանոնք եւ իչքիճիյութեան ընկերակցելու: Դրացիները կ’ըսեն պոյֆրէնտը զինք կը ծեծէ, թէեւ պիտի կարծէի Ալիքը պոյֆրէնտը կը ծեծէր: Ինք զինք ծանր կը պահէր՝ բաւական թեթեւ մարմինով մը: Չեմ գիտեր: Ուրախ կ’երեւին:
     Երէկ անկողինի պատրաստուած ժամանակս դիտեցի Ալիքին պատրաստուիլը գործի մեկնելու:
     Լսած եմ, շատ լաւ գիշերային գործ ունի: Լսած եմ տարիներ առաջ Լիտոյի կամ Մուլէն Ռուժի պարուհիներէն եղեր է, բայց հիմա միայն մեծահարուստներու անձնական ժամանցն է: Կը խօսին այդպէս:
     «Սա բոզ Ալիքը կարծեմ հիւանդութենէ մը կը տարապի» ըսաւ պոլսա-ֆրանսահայ Մարիամ
դրացին, թէպետ 500 անգամ հոգս չէ ըսած էի, թէպետ իրականութեան մէջ հոգս էր:           
     «Անորէքսիք է զաար, անոր համար շատ քիչ կ’ուտէ»: Կը ժպտամ եւ ճամբաս կը շարունակեմ, յուսալով որ շաբթուան բամբասանքն է, եւ ոչ իրականութիւն մը:
     Ալիքին մայրը՝ հայրը լքեր էր, իսկ հայրը շատոնց անոր կեանքը լքեր էր: Պնակ լուալով դրամ
կը հանէր որպեսզի գինի գնէ եւ երբեմն ուտէ: Չտխրիք, ինքը այդպէս ուրախ է: Թէեւ երբեմն
մինակ, երբեմն տխուր, բայց իչքիճիյութեան վրայ դնելով յանցանքը՝ սիկարէթ մը կը վարէ ու
պոյֆրէնտը կը կանչէ: Ինքն իրմով բաւարար կը զգայ:
     Ալիքը անբիծ, անսխալական, կատարեալ, perfect մէկը չէ: Ալիքը կը տեսնեմ միայն հեռուէն,
յուսալով որ օր մը քովը արթննամ առտուն: Իշտէ, կը սպասեմ:

ԼՌՈՒԹԻՒՆ\\Ականջակալներս կրցածիս չափ զօրաւոր դէպի ականջներս կը սեղմեմ:
Կը սպասեմ որ լռութիւն տիրէ, բայց տակաւին ամէն քաք կը լսեմ: Երաժշտութիւնը կը բարձրացնեմ բայց դեռ կը լսեմ Ալիքն ու պոյֆրէնտին լաւանցի-ժամանցի ձայները: Սխալ մի հասկնար, ձայնը անհանգիստ չըներ զիս՝ այլ կը տխրեցնէ:
     Կը լսեմ ցաւախառն ախորժութեան ձայներ, եւ անկողինի տախտակի ձայներ եւ Ալիք կը պոռայ ու կը գոռայ: Ականջակալներս աւելի կը սեղմեմ եւ ալ հո՛գս իսկ չէ եթէ գանկս կոտրի: Կարեւորը ձայնը կեցած կ’ըլլայ, չէ՞:
     Ու ձայնը կը կենայ: Եւ ես հազիւ կը սկսիմ շունչ մը քաշելու եւ փառք տալու այդ աստուած-
չաստուածին, որ մտիկ ըրաւ ինծի՝ լռութիւնս կը խանգարուի: Ձայներ կը լսեմ:
     Ալիքի՛ն տունը եկեր էին ահազանգներու ձայները: Եկեր էին տանելու Ալիքը բանտ եւ Ալիքին պոյֆրէնտը գերեզմանատուն:
     «Ասանկ կ’ըլլայ բոզ մը սիրես նէ», կ’ըսէ դրացի Մարիամը, «վիզդ կը պատռէ եւ հէլէ աչքդ կը
բանաս տէյի Աբրահամ հրեշտակը առջեւդ կ’ելլէ: ...»
     Եւ կը վերյիշեմ ինչ կը լսէի: Կը լսէի ցաւախառն ախորժութեան ձայներ, եւ անկողինի տախտակի ձայներ եւ Ալիք կը պոռար ու կը գոռար: Եւ կը հասկնամ եւ ամէն ինչ կը սկսի իմաստ առնել:
     Պիտի կարօտնամ Ալիքին: Ալիքներս կը սկսին վար հոսիլ: Ապուշ մըն եմ, որովհետեւ հարց
մ’իսկ պիտի չունենայի հետը սիրելու-սիրուելու եւ ապրելու եւ ըլլալու. մարդասպանի մը հետ, ով սիրածը պատրաստ էր սպաննել: Կարծես ալ պիտի չտեսնեմ Ալիքը:
     Գիշերային մաղթանքներս եթէ մէկ տոկոս իրականանալու հաւանականութիւն մը ունենային, ալ հիմա չունին: Գիշեր բարի:

ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ 2\\ Մարիամին չըսածը չմնաց ամիսներով: Ըսաւ բոզը բոզ կը մնայ, ըսաւ
մեռցուցին զինք բանտին մէջ, ըսաւ կախեցին ու ղրկեցին զինք, ըսաւ ցմահ դատապարտուեցաւ եւ ըսաւ ու ըսաւ ու ըսաւ: Եւ ամէն անգամ որ ըսէր՝ մարմինս կսկիծի թաթխուած վիճակով, ձեռքերս քրիստոնեայ, մահմետական եւ հռեայ աղօթքի ձեւեր ընելով, ալլախ պապային նայելով «հաճիս ոչ» կ’ըսէի միտքէս ու կը փորձէի գոյնը նետած, ալիքոտած, Ալիքին վիզէն կախուած մարմինը չերեւակայել:
     Յետոյ իրականութիւնը մէջտեղ սկսաւ ելլել: Մարիամին մտիկ պէտք չունէի ընելու, որովհետեւ լուրերը հետեւիլը բաւարար էր: Պիտի բռնաբարուէր, կ’ըսէին, բռնաբարուեցաւ կ’ըսէին, պիտի խոստովանի ու առջեւ գայ դատարանին ու ըսէ թէ այո ինքն էր դանակով վիզը բացողը եւ յետոյ պիտի փորձէր արդարացնել իր այդ իրավիճակը, որպէսզի նուազագոյն ժամանակը անցնէ բանտին մէջ:
     Ասանկ-անանկ երկու ամիսէն դուրս եկաւ ու տուն վերադարձաւ: Տուն վերադարձան նաեւ 20 տղաք, 20 աղջիկներ, բոլորը դռնեն դուրսը կեցած քամէրաներով ու սպասեցին գիշեր ու ցերեկ անոր բան մը ըսելն ու ընելը: Դառնալով 41րդը իրենց մէջէն՝ կը նստիմ պատուհանիս ու կը շարունակեմ ինչ որ ամէնէն շատ միշտ կը սիրէի ընել եւ վերջերս ծանր կարօտը ունէի անոր՝
դիտել Ալիքը:
     Ալիքը խմեց ու պարեց ու երգեց ու խմեց ու պարեց ու երգեց ու ես իր հետը: Խնճոյքի օր էր:
     Կը դիտէի մինակ պարող մարմինը եւ ժպիտ մը որուն ծառաւ էի եւ...ինծի կը նայի:     
     Պատուհանին կը մօտենայ ու ինծի կը նայի եւ «կրնա՞մ օգնել» կը պոռայ ու ես կ’ուզեմ ամբողջ էութեամբս այո պոռալ եւ բացատրել իրեն ինչու եւ ինչպէս, բայց ուզել-չուզելով «ոչ շնորհակալ եմ» կը գոռամ ու պատուհանիս վարագոյրները միանգամայն կը գոցեմ:
Գետինը կը նստիմ ու կը ժպտամ:
     Գիշերային մաղթանքներս կը վերադառնան: Իսկոյն ունիմ մէկ տոկոս հաւանականութիւն մը, որ ալիքներու մէջ քնալալու փոխարէն պիտի քնանամ ու արթննամ Ալիքին քով:
     Գիշեր բարի:

Շահէն Արապօղլեան
-Պէյրութ

Comments

Popular Posts