ՏՈՒՆԷՆ ԴԷՊԻ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿԵԴՐՈՆ | ԱՍԱՏՈՒՐ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ


Իջայ տունէս ժամը 6:30-ին,  օդը շատ աղուոր է, Պէյրութս ուրախ է, երկինքը շատ յստակ եւ ջինջ է, քալելու կը սկսիմ դէպի Ամանոս շրջան, հոն հասնելու համար պէտք է գոնէ 20 վայրկեան քալեմ, աջիս կայ Մար Մարուն եկեղեցին, ձախիս՝ ինքնաշարժներու կարաժները. պէտք է քիչ մը արագ քալեմ, դեռ բաւական երկար ճամբայ ունիմ առջեւս. կը հասնիմ Պուրճ Համուտի հրապարակ, խճողումը խենթանալիք է, ամէն տեղ մարդ կայ, վրաս նեղութիւն կու գայ: Ասատո՛ւր, շարունակէ՛ քալել շիտակ, Պէյրութի գետի կամուրջէն վե՛ր ել, քալէ՛ դէպի Հաճըն: Արդէն Հաճընէն տեսնելու կը սկսիս Պէյրութի հնագոյն շէնքերը, ճարտարապետութիւն մը, որ ուրիշ ոչ մէկ երկրի մէջ կրնաս տեսնել: Ճամբուդ վրայ է Մար Միխայէլ շրջանը, ուր աջ ձախ կը տեսնես փապերը որ սկսած են բացուիլ ժամը 5-էն happy hour-ով: Փապերը կը գտնուին Պէյրութի կեդրոնին մօտ հինէն պահպանուած շէնքերուն գետնայարկերը: Այդ ալ ցոյց կու տայ՝ ինչպէս Պէյրութցին կը փորձէ միշտ արթուն պահել իր քաղաքը: Ետքը կը հասնիս Ժըմմէյզէ, Gourod street, արդէն կը տեսնես երկար աստիճանները որ կը կապեն Ժըմմէյզէն Աշրաֆիէի հարուստ շրջանները: Եթէ քիչ մըն ալ քալես, հասած կ'ըլլաս Armenia street, աջիդ Sandwich ou noss-ը երբ տեսնես՝ անպայման կը կենաս, քիչ մըն ալ հանգիստ ըրած կ'ըլլաս, որովհետեւ արդէն մօտ 40 վայրկեան քալած ես: Sandwich ou noss-ին քով «մէկ հատ թաուք սարուխ եա մուալլէմ»  կ'ըսես. 40 սանթիմնոց սէնտուիչը 10 վայրկեանէն արդէն պատրաստ կ'ըլլայ: Հոյակապ սէնտուիչը վերջացնելէ ետք կը շարունակես Armenia street-ով, կը զմայլիս Սուրսոք վիլլային թանգարանով, «Ասանկ տուն մըն ալ ես պիտի առնեմ ապագային», կ'ըսես միտքիդ մէջ, ետքը կու գայ նշանաւոր Sacre Coeur դպրոցը, որմէ Լիբանանի նախագահներ վկայուած են: Դպրոցին առջեւն ալ կենալով կ'ըսես. «Տունս քիչ մը առջեւէն կ'առնեմ, պզտիկներս ալ աս դպրոցը կը ղրկեմ»:
Վերջապէս կը հասնիմ Downtown Պէյրութ, միլիոնաւոր տոլարներ ծախսուած հսկայական գեղեցիկ շէնքերը կը դիտեմ, ետքը կը հասնիմ Նահատակաց հրապարակը, արձանին տակ կը կենամ քիչ մը, շիտակ դէպի ծովը կը նայիմ ու կ'երեւակայեմ մեծ հօրս աշխատած շէնքը: Շատ գեղեցիկ եւ յիշատակելի շէնք մը, որ 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ամբողջովին քանդուեցաւ, ինչպէս այդ շրջանի բոլոր շէնքերը, հոն ուր Օսմանեան կայսրութեան շրջանին կախաղան հանեցին Պէյրութի արաբ լրագրողները, իսկ աւելի առաջ petit seraille-ը կը գտնուէր: Նահատակաց հրապարակէն քիչ մը աւելի կը յառաջանամ ու կը հասնիմ Պէյրութ Սուքս՝ քաղաքիս զուարճանքի կեդրոնը, ուր գրեթէ բոլոր շաբաթավերջերս կ'անցնեմ:

Արդէն ժամը 8-ը եղած է, Զայթունայ Պէյ հասած եմ ու կը դիտեմ արեւմուտը. այնքա՜ն գեղեցիկ է տեսարանը: Դիտելով արեւմուտը, կ'երեւակայեմ Պասմաճեաններուն գաղթը, եւ հաստատումը Պէյրութի մէջ. որքա՜ն դժուարութիւններ անցուցած են, ամէն բան ոչինչէն սկսած են, դիմացած են բոլոր զրկանքներուն, եւ ես՝ որպէս 4-րդ սերունդ, այսօր կը գտնուիմ նոյն քաղաքին մէջ, մտածելով թէ վաղուան օրը ի՛նչ պահած է քաղաքիս:


Ասատուր Պասմաճեան

(Լիբանան)

Comments