Խէ | ԱԶԱՏ ԷՕՐՏԵՔԵԱՆ
Տասներորդը, անիծուած գիր
Արդեօք ա՞յդ պատճառաւ ֆրանսերէնը չունի նման ձայն,
Որ կոկորդնիս չաւրուին, եւ օդը մեղմօրէն, հաւասար բխի մեր շուրթերէն։
Երկրաշարժ գործող գիր, լեռ շարժեցնող գիր,
Խէ… Որքան եմ քեզ լսած, կրկնած, սիրած,
Խելօք Ազատ… Խորհրդաւոր Ազատ…
Խխունջ, խնձոր, տախտակ.
Հրաբուխ արթնցնող գիր,
Խանդավառ Ազատ, խենդ Ազատ,
սխալիլ, խնդալ, վախնալ,
փախիլ երբեմն, բայց յաճախ վերադառնալ։
Յաճախ ընկերներս
(կ՚ուզեմ ըսել՝ անոնք որոնց շուրթերէն օդը կը վազէ կարծես,
անոնք որոնք Մօլիէրին սահուն, այնքա՜ն սահուն լեզուն կը խօսին միայն)
Յաճախ յօնքերը պռստած, ականջներն ալ քիչ մը կարմրած,
Կը հարցնեն՝
«Հայերէ՞ն էր խօսածդ»
Ես ալ՝ «Այո»
«Սորվեցու՛ր»
«Ի՞նչ սորվեցնեմ։ Պտուղի անուննե՞ր։»
«Ծօ մեզի ինչ, on s'en fout ! Պիտանի բառեր սորվեցուր՝ merci !»
«Շնորհակալ եմ»
«…»
«Օքէյ pomme կը սորվեցնե՞ս հաճիս։»
«Խնձոր – Ի՞նչ – Խնձոր – Քնսո՞ղ – չէ, խնձոր – Նէսթօ՞ղ»
«Վայ չէ, խնձ… Էհ լաւ վազ անցիր…»
Ամենքը կը նախանձին մեզի
Ճշմարի՛տ
Քեզմէ զրկուած այդ ազգերը։
Ի՞նչ ըսեմ… Տա՞մ քեզ իրենց։
Քեզ կրնա՞ն արդեօք հասկնալ, զգալ, հնչել ալ։
Չէ, չեմ կրնար, ինչպէ՞ս նուիրեմ,
Ես միայն քեզ կը խիրեմ։
Ազատ Էօրտեքեան
(Ֆրանսա)
Ազատ Էօրտեքեան
(Ֆրանսա)
Comments
Post a Comment