ԻՆՉՊԷՍ ՊԷՏՔ Է ՎԱՐՈՒԻՍ ՈՐ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ԿԻՆ ԴԱՌՆԱՍ | ԳԷՈՐԳ ԼԱԶԱՐԵԱՆ

«Քայլ առաջին. մարմինդ գեղեցկացո՛ւր»

Աղջիկը տեղէն ելաւ, վրայի պլուզը հանեց բոլորին առջեւ եւ մնաց միայն կրծկալով: Անուշիկ աղջիկ մը՝ սեւ կարճ մազերով, սեւ աչքերով եւ հիանալի մեծ կուրծքերով: Փակցնելիք tape մը ձեռքը առաւ եւ սկսաւ փորին շուրջ դարձնել: Քիչ քիչ կը նիհարնար կարծես: Կեցուց իր գործունէութիւնը, երբ գոհ մնաց:

«Քայլ երկրորդ. սորվի՛ր ճիշդ քալելու ձեւը»

Աղջիկը բարձր կրունկներով կօշիկները առաւ քովէն, հագաւ եւ դժուարութեամբ քալելու սկսաւ, քիչ քիչ յառաջանալով: Քիչ մըն ալ եթէ քալէր, վստահաբար վար պիտի իյնար:

«Քայլ երրորդ. երեսդ ներկէ՛»

Աղջիկը շրթունքը կարմիր ներկեց եւ աչքերը սեւ գոյնով շրջագծեց:

«Քայլ չորրորդ. խմիչքդ ձեռքդ ա՛ռ եւ սպասէ՝ ուզած տղադ մօտենայ քեզի»

Քիչ մը սպասեց որ բոլորը լաւ մը դիտեն զինք: Ետքը գնաց փոխուելու: Կօշիկները հանեց, երեսը մաքրեց եւ նոր պլուզ մը հագաւ, որուն վրայ գրուած էր՝ 
«You don't hate Mondays, you hate capitalism»:


Գէորգ Լազարեան

(Յունաստան)




Comments